Մայրաքաղաքի Մշակոյթի և երիտասարդութեան պալատին մէջ, Մայիս 25֊ին տեղի ունեցած է յուշ֊երեկոյթ՝ նուիրուած բանաստեղծ, Արցախեան շարժումի առաջամարտիկ եւ Արցախի Հանրապետութեան փառերգի տողերու հեղինակ Վարդան Յակոբեանի 75-ամեակին:
Հանդիսութիւնը սկսած է Արցախի Հանրապետութեան փառերգով: Այնուհետեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Նորայր Մկրտչեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ՝ մեծանուն մտաւորականի յոբելեանը կը նշուի անոր բացակայութեան, սակայն «բոլորիս սփոփանքը՝ ականաւոր գործչի թողած բազմիմաստ եւ հարուստ մտաւոր ժառանգութիւնն է»։
Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեան ըսած է, որ կարդալով Վարդան Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները՝ այն համոզումը կը ձեւաւորուի, որ բանաստեղծութիւնը ապաշխարանք է, շնորհուած չարչարանք, ճանապարհ՝ եզակիներու համար:
Տեսակապով Յակոբեանի գրականութիւնն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը արժեւորող խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, ինչպէս նաեւ իրենց սիրտի խօսքը հաղորդած են գրչընկերներ՝ Մայր Հայաստանէն ու Սփիւռքէն: