Reuters գործակալութեան համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Լեյլա Ապտուլաեւա Փարիզի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին յոյս յայտնած է, որ Յունիս 1-ին, Քիշեւի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Քաղաքական համայնքի 2-րդ համաժողովին, ի վերջոյ Ազերպայճան եւ Հայաստան կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը։
Նշենք, թէ Մոլտովայի մայրաքաղաքին մէջ 47 երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կայանալիք ժողովին նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն հանդիպումը՝ Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին ներկայութեան։
“Սա պատմական առիթ մըն է, որ կարելի չէ փախցնել”,– աւելցուցած է Ապտուլաեւա: