Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Մայիս 28-ին այցեlած է Պաքուի ուժերու հսկողութեան տակ անցած Բերձորի շրջանը։ Տեղական լրասփիւռներու հաղորդագրութիւններուն համաձայն՝ ան շրջանի բնակիչներուն հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ իրենք «երբեք չէին կրնար համաձայնիլ, որ Լաչինը (Բերձոր) եւ Քելբաջարը (Քարվաճառ) մնային Հայաստանի ձեռքը», Արցախեան երկրորդ պատերազմը իրենց «փառահեղ պատմութիւնն է, Հայաստան տակաւին չէ կրցած ամոքել այդ դառն պարտութեան ցաւն ու վէրքերը…»:
Ան վստահեցուցած է, որ «Հայաստանէն Ազերպայճանի Ղարաբաղի շրջան եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկը կը գտնուի լիակատար վերահսկողութեան տակ»:
Դիմելով Արցախահայերուն՝ Պաքուի ղեկավարը պնդած է. “Ձեր գիրքը փակուած է: «Միացում» գիրքը փակուած է, եկած է անջատողականութեան վերջը: Անկախութեան երազանքները գացին այնտեղ, ուր էր կարգավիճակը: Իսկ կարգավիճակը մենք դեռ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին ուղարկեցինք ուր որ պէտք է”:
Արցախի Հայերուն կը մնայ մէկ ճամբայ՝ «աղբանոց նետել կեղծ պետական ստորոգելիները, լուծարել խորհրդարանը եւ ենթարկուիլ Ազերպայճանի օրէնքներուն»,– յայտարարած է ան:
«Երեւանի կողմէ մեր հողային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք գործնապէս լուրջ խոչընդոտներ չկան եւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ յառաջիկային»
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, թէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ յառաջիկային, սակայն այն պարագային, եթէ Հայաստան կրկին չփոխէ իր դիրքորոշումը:
“Երևանի կողմէ մեր հողային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք գործնապէս լուրջ խոչընդոտներ չկան եւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ յառաջիկային”,– ըսած է ան։