Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին Կրան Կուարտիա (Gran Guardia) հոյակերտ պալատին մէջ Մայիս 27-28-ին տեղի ունեցած «Làszlò Spezzaferri» միջազգային երաժշտական մրցոյթին, դաշնակահար Լաուրա Գալստեան շահած է առաջին մրցանակը։ Մրցոյթին մասնակցած են տարբեր երկիրներու մենակատարներ, երգչախումբեր, նուագախումբեր։
Լաուրա ներկայացած է 17-20 տարեկաններու դասակարգին մէջ, ուր կային 35 մասնակից աշխարհի տարբեր ծայրերէն՝ Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Հարաւային Գորէայէն, Չինաստանէն, Պուլկարիայէն, Էսթոնիայէն…։ Ան իր ծրագրին մէջ ներառած է երկու տարբեր դարաշրջաններու երաժիշտներու՝ Սքարլաթիի եւ Սքրիապինի ստեղծագործութիւնները։
Նշենք, որ 19-ամեայ Լաուրա Գալստեան այժմ կ՚ուսանի Մանհայմի (Գերմանիա) երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստներու պետական համալսարանին մէջ, հետեւելով Վոլֆրամ Շմիթ-Լէոնարտիի դասընթացքներուն: