Մայիս 31-ին, Ժողովրդավարութեան հայկական համաժողովի իր ելոյթին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան սպառնացող ներքին ո՛չ մէկ վտանգ կայ, կարելի բոլոր վտանգները արտաքին են։
“Այդ վտանգները, ի հարկէ, հանրայայտ են եւ բոլորին տեսանելի։ Կարեւոր է, որպէսզի մենք բոլորս կարողանանք ապացուցել եւ պատասխանել այսօր Հայաստանում ամենաթանձր հարցին, որն առկայ է հանրութեան շրջանում՝ արդեօք ժողովդրավարութիւնն ի վիճակի՞ է նաեւ ապահովել անվտանգութիւնը։ Սա հարց է, որի դրական պատասխանին մենք հաւատում ենք, բայց դա դեռ պէտք է ապացուցել։ Յոյս ունեմ, ինչ-որ տեղ համոզուած եմ, որ մենք ի վիճակի կը լինենք այս հարցին դրական պատասխան տալ”,– ըսած է ան։
Ըստ Փաշինեանի՝ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի հիմնական բրենդն (ապրանքանիշ) է, իսկ համացանցը, մամուլը եւ ընտրութիւնները ազատ են։
Վիքթորին հակադարձած է՝ Փաշինեանին. «Լրասփիւռները պէտք է պաշտպանել, բաւարար չէ ըսել, որ համացանցը ազատ է»
Նոյն նիստին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին ելոյթ ունենալով խօսած է մամլոյ ազատութեան մասին. “Լրասփիւռները անկախութեան պահապաններն են, զանոնք պէտք է պաշտպանել եւ բաւարար չէ ըսել, որ համացանցը ազատ է: Պէտք է դիտարկել իւրաքանչիւր դէպք եւ իւրաքանչիւրը առանձին քննարկել: Այո՛, եթէ լրագրողները ապատեղեկութիւն կը տարածեն, ատոր պէտք է անդրադառնալ։ Ես կ՚ուզէի մատնանշել Հայաստանի մէջ հետաքննող լրագրութեան կարեւորութիւնը եւ ընդհանրապէս պէտք է բարելաւել լրագրութեան դիրքերը: Շատեր կը շփոթեն փաստերն ու մեկնաբանութիւնները, այդ երկուքը պէտք է տարանջատել”,– ըսած է դեսպանուհին:
Ան ընդգծած է նաեւ կառավարութեան եւ խաղաղութեան հոլովոյթներու մէջ կիներու ներգրաւման հարցը։ “Վստահ եմ, որ կիները կրնան խաղաղութեան եւ կայունութեան համար գտնել յարատեւ լուծումներ”:
Նշենք, թէ նոյն համաժողովին իր խօսքին մէջ վարչապետը յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ համացանցը եւ մամուլը ազատ են: