Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԵԱ-ն Ազերպայճանին մինչեւ Յունիս 6 ժամանակ տուած է հայ երկու զինուորներու մասին տեղեկութիւն տրամադրելու համար

Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած դիմումի հիման վրայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը որոշում կայացուցած է պահանջելու Ազերպայճանէն մինչեւ Յունիս 6-ը ներառեալ տեղեկացնել, թէ արդեօք երկու հայ զինուորները գերիի կամ այլ կարգավիճակով կը գտնուի՞ն Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ, եթէ այդպէս է, այդ պարագային Ատեանը կը պահանջէ տեղեկութիւն՝ զինուորներու պահուելու պայմաններուն եւ բժշկական հետազօտութիւններու մասին:

Լուրը հաղորդած է Հայաստանի՝ միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցչին գրասենեակը։