«Նոր Յառաջ» կը մասնակցի «Զարդիս» մատենաշարի հրատարակած գիրքերով
«Զանգակ» գրատան կազմակերպութեամբ Յունիս 1-3 Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ տեղի կ՚ունենար «Մանկական գիրքերու փառատօն»-ը։
Փառատօնի նպատակն է երախաներու օրը վերածել տօնի՝ զանոնք համախմբելով գիրքերու շուրջ։
Փառատօնը միայն ժամանցի նախաձեռնութիւն չէ, այլ ունի կրթական, մշակութային եւ ընկերային նշանակութիւն։
Երեք օրերու ընթացքին փառատօնի շրջանակին մէջ կը ներկայացուին կրթական, մշակութային եւ ժամանցի ծրագրեր, մանկական եւ մանկապատանեկան գիրքերու շնորհահանդէսներ, երախաներու զարգացման նպաստող դասախօսութիւններ ու զրոյցներ, խաղեր եւ ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, հեքիաթի ժամեր ու վարպետութեան դասեր, ինչպէս նաեւ թատերական ներկայացումներ:
Փառատօնին նախատեսուած է նաեւ գիրքերու ցուցադրութիւն-վաճառք եւ «Փոքրիկ հեքիաթագիրներ» մրցոյթի ամփոփում:
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ մանկական գիրքերու փառատօնին «Նոր Յառաջ» եւս կը մասնակցի ներկայացնելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորած «Զարդիս» մատենաշարը։ ■