Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոլտովա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, ռումանահայ դիւանագէտ, առեւտրական գործիչ Մանուկ Բէյի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Վարչապետ Փաշինեանի կողքին՝ Մոլտովայի մէջ ՀՀ դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան
Ան մանրամասնութիւններ հաղորդած է Քիշնեւի հնգակողմ բանակցութեան վերաբերեալ եւ պատասխանած մասնակիցներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կ՚առնչուէին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման, սահմանային գօտիէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման կարելիութեան, կղզիացուած շրջաններուն (enclaves), Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ այլ նիւթերու։
Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ ուքրաինահայ խումբ մը գործարարներու հետ, քննարկելով Հայաստանի մէջ տարբեր ուղղութիւններով գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները: