Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ՝ Մհեր Գրիգորեան
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը կը հաղորդէ.
«Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու` անցեալ Մայիս 25-ին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման նպատակով, Յունիս 2-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ երեք երկիրներու փոխվարչապետեր՝ Մհեր Գրիգորեանի, Ալեքսեյ Օվերչուքի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի եռակողմ աշխատանքային նիստը, որ ընթացաւ շինիչ մթնոլորտի մէջ։ Էական յառաջընթաց արձանագրուեցաւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կազմակերպելու եղանակներուն շուրջ:
Մասնաւորապէս գոյացաւ ընդհանուր փոխըմբռնում՝ Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երթուղիով երկաթուղային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ:
Կողմերը յառաջիկային պիտի շարունակեն աշխատանքները»։