Յունիս 8-ին, Սիւնիքի մարզ կատարած այցի ընթացքին, ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Քրիսթինա Քվիէն հանդիպում ունեցած է տեղական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ բնակիչներու հետ, որոնք ներկայացուցած են ապահովութեան միջավայրին վերաբերող իրենց համատարած մտահոգութիւնները: Դեսպանը նաեւ այցելած է Տեղ գիւղը, ուր անմիջականօրէն ականատես եղած է սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին։
«Իւրաքանչիւրը արժանի է ապահովութեան, անվտանգութեան, մնայուն եւ արդար խաղաղութեան»,– ըսած է ան։