ՖՐԱՆՍԱ – Առաջին անգամ ըլլալով՝ հայ կին մը կ՚արժանանայ Cartier մրցանակին

Մայիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է «Կիներու նախաձեռնութիւններ – Cartier շրջանային (Եւրոպա) մրցանակ 2023»-ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով Հայուհի մը, յանձին՝ Մարիամ Թորոսեանի, մաս կազմած է դափնեկիրներուն։

Ան մրցանակի արժանի նկատուած խոստմնալից ձեռնարկատէր լաւագոյն երեք կիներու մէջ ընտրուած է երկրորդ, կիներու պաշտպանութեան ի խնդիր ծաւալած իր գործունէութեան համար։ Մարիամ Թորոսեան 2020-ին հիմնած է Safe YOU ընկերութիւնը, որուն նախագահուհի-ընդհանուր տնօրէնուհին է։ Safe YOU արհեստական բանականութեան միջոցով կը մշակէ ծրագրեր, որոնք կը վերաբերին կիներու դէմ բռնութեան փորձի պարագային՝ պաշտպանութեան միջոցներ տրամադրելու, բռնութեան ենթարկուածներուն՝ դատական գործընթացներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ՝ կիներու դէմ բռնութեան ներկայի ընկալեալ երեւոյթը փոփոխելու միտող այլ ծրագրեր։  

16 տարի առաջ հաստատուած այս մրցանակին նպատակն է քաջալերել ձեռնարկատէր այն կիները, որոնք իրենց գլխաւորած ընկերութեան միջոցով դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան հասարակութեան վրայ։ Cartier մրցանակով ամէն տարի երեք դափնեկիրներուն կը շնորհուին դրամական պարգեւներ, անոնց բարի ծրագրերը յառաջ մղելու համար։

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը կատարուած է ձեռամբ՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մէջ մասնագիտացած հռչակաւոր փաստաբանուհի Ամալ Գլունիի, Ֆրանսայի  Cartier-ի տնօրէն Ռընօ Լըսթրենժանի, համայն Cartier-ի նախագահ-ընդհանուր տնօրէն Սիրիլ Վինիըրոնի։