Յունիս 7-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թուրքիոյ իր նորանշանակ պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է:
Միրզոյեան շնորհաւորած է Ֆիտանը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Կողմերը արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու: Յիշեցնենք, որ նախքան Արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը Ֆիտան վերջին 10 տարիներուն կը վարէր Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MİT) ղեկավարի պաշտօնը։ Այդ ընթացքին ան ներգրաւուած է Սուրիոյ, Սաուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններուն։