Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ – Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

Յունիս 5-8 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ  Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի ատենապետութեամբ կայացած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները։ Ժողովին զեկոյցներով հանդէս եկած են Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան եւ ԳՀԽ-ի անդամ Գէորգ Դանիէլեան։

Ժողովականները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ընթացող աղէտալի զարգացումներուն, մասնաւորաբար շրջափակման հետեւանքով Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ իրականացուող ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրի ներսը գոյացած հասարակական անհամերաշխութեան եւ բեւեռացումներուն:

ԳՀԽ-ն խոր մտահոգութեամբ արձանագրած է հայրենական կեանքին մէջ ստեղծուած ծանր կացութիւնը: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հարկ է հրաժարին ազգի արժանապատւութիւնը ոտնահարող գործողութիւններէ եւ արտաքին թշնամիներու նուաստացուցիչ յաւակնութիւններուն ու պահանջներուն հակադրուին իրատես եւ բացառապէս հայանպաստ դիրքորոշումներով` վճռականօրէն պաշտպանելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անսակարկելի իրաւունքը: 

ԳՀԽ-ն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` արձանագրելով նաեւ, որ Արցախցիներու ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքը կը պաշտպանուի համազգային բոլոր շրջանակներուն կողմէ: Ժողովականները ընդգծած են, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել ժողովուրդի միասնութեան ոգին հզօրացնելու եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար:  

Արցախին ուղղուած ընկերային աջակցութեան վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի Ընկերային բաժնի տնօրէն Մարկոս քահանայ Մանգասարեան: Ան ի մասնաւորի շեշտած է, որ Ամենայն Հայոց հայրապետի յորդորով ու ջանքերով, Մայր Աթոռի աշխարհասփիւռ թեմերու գործուն մասնակցութեամբ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախին տրամադրուած է 360 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Տրամադրուող աջակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: 

Ժողովականները մտահոգութեամբ անդրադառնալով ազերպայճանական շրջափակման հետեւանքով շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակին, ընգդծած են ընկերային աջակցութեան ծրագրերու ընդլայման անհրաժեշտութիւնը:  

Հանրակրթական դպրոցներու մէջ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման եւ կրթական հիմնախնդիրներու մասին զեկուցած է Եկեղեցական Հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեան, տեղեկացնելով որ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ Հանրակրթութեան պետական նոր չափորոշիչի կիրարկումով՝ առարկան ամբողջապէս կը հանուի կրթական ծրագրէն:

Քննարկումներու ընթացքին ԳՀԽ-ն, վերահաստատելով իր դիրքորոշումը, անթոյլատրելի համարած է առարկայի ջնջումը հանրակրթական ծրագրէն` շեշտելով, որ ան կարեւոր գործօն է սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան առաքելութեան մէջ: Այս համածիրին մէջ, անդրադարձ եղած է յատկապէս անչափահասներու շրջանակէն ներս բռնութեամբ ուղեկցուող ծանր յանցագործութիւններու եւ թմրամոլութեան ահագնացող աճին: Կենսական համարուած է իշխանութիւններու կողմէ գործնական եւ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկումը` պայքարելու համար յիշեալ երեւոյթներուն դէմ, յատկապէս կրթական հաստատութիւններու մէջ արժեւորելով յանուն հայրենիքի պայքարի ելած, մեր նահատակ հայորդիներու սխրանքը, որպէսզի չտկարանայ ազգի զաւակներու հայրենանուիրումի ոգին:

Մայր տաճարի հիմնական նորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներու, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից արարողութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան եւ լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան: 

Քննարկումներու աւարտին որոշում կայացուած է՝

• Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնը յետաձգել մինչեւ հիմնական նորոգման աշխատանքներու ամբողջական աւարտը,

• Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը կազմակերպել սոյն թուականի Հոկտեմբեր 1-ին,

• Եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւնը` Հոկտեմբեր 8-ին:

Ժողովականները անդրադարձած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան`  վարձակալութեան տրուած կալուածներու խնդրին։ Արձանագրուած է,  որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կապի մէջ է Պատրիարքարանին հետ եւ ի մօտոյ կը հետեւի ընթացող զարգացումներուն:

Քառօրեայ ժողովին քննարկուած են նաեւ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ու թեմերու գործունէութեան, Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուող այլ հարցեր: 

Ժողովը ամփոփուած է Ամենայն Հայոց հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով: