Յունիս 11-ին, Լիւքսեմպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք համայնքային խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի հայ թեկնածու մը՝ յանձին Տաթեւ Մանուկեանի։ Անոր թեկնածութիւնը նշանակած է «Fokus» կուսակցութիւնը:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Մանուկեան նշած է, որ երկրի տարբեր համայնքներուն եւ մայրաքաղաքին մէջ կայացող սոյն ընտրութիւնները պատմական պիտի ըլլան, նկատի ունենալով, որ քուէարկելու իրաւունք պիտի ունենան նաև Լիւքսեմպուրկի քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք, որոնք կեցութեան իրաւունք ունին։ Պիտի ընտրուին համայնքային խորհուրդի 27 անդամներ։
Տաթեւ Մանուկեան 2020-2022 եղած է Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը եւ այդ տարիներուն աշխատած է հայ համայնքը երկրին բազմազգ ու բազմատեսակ հասարակութեան կապելու և համարկելու ուղղութեամբ:
“Այժմ համայնքին մէջ հիմնած ենք ընկերակցութիւն մը, որու շնորհիւ ալ բացած ենք հայկական շաբաթօրեայ դպրոց մը, ունինք երգչախումբ մը եւ կը կազմակերպենք մշակութային զանազան ձեռնարկներ”,– ըսած է ան։