Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը անդրադարձած է Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաևի ա՛յն յայտարարութեան, որ իբրեւ թէ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիները Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի վերահսկեն Ռուսաստանի անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահները։
«Եռակողմ աշխատանքային խումբի քննարկումներուն նման համաձայնութիւն չէ գոյացած: Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ այն, որ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով նախատեսուած ճամբաները պէտք է գործեն կողմերու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ, փոխադարձութեան սկզբունքով»,– նշուած է վոխվարչապետի գրասենեակին այս կապակցութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։