Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արամ Ա. «Ազգի հարցերը նա՛եւ Եկեղեցւոյ հարցերն են» 

Յունիս 10-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Ըսած ենք, կ՚ըսենք ու մի՛շտ պիտի ըսենք, որ Եկեղեցին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի մեր ազգը յուզող խնդիրներու եւ դիմագրաւող մարտահրաւէրներու վերաբերեալ։ Ազգի հարցերը նա՛եւ Եկեղեցւոյ հարցերն են եւ՝ փոխադարձաբար։ Մեր դարաւոր պատմութիւնը ա՛յդ կը յիշեցնէ»,– ընդգծած է Վեհափառ հայրապետը։