Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ թուիթով մը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի մէջ դիւանագիտութեան յատուկ դասընթացքի այս տարուան շրջանաւարտներու հունձքը կոչուած է «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»։
«Ուրախ եմ francediplo-ի երիտասարդ գործընկերներու ընտրութեամբ, որոնք «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» անուանումով յարգանքի տուրք կը մատուցեն օտարներուն, ապաստանեալներուն եւ անհայրենիքներուն, որոնք միացան Դիմադրական շարժումին եւ ամէն ինչ զոհեցին Ֆրանսայի համար»,– գրած է Լաքոթ իր թուիթին մէջ։