Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Էրսին Թաթար, Նիկոսիոյ Լեֆկոշայի շրջանը, 2023 Յունիս 12
Յունիս 12-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կիպրոսի հիւսիսային շրջանը այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ «Անգարա հետագային ալ ամենայն վճռականութեամբ պիտի պաշտպանէ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան շահերը»:
Ան շեշտած է, թէ Թուրքերը երբեք փոքրամասնութիւն չեն եղած եւ պիտի չըլլան Կիպրոսի մէջ, հետեւաբար անօգուտ է անտեսել իրականութիւնը եւ երազել կղզիի միացեալ ինքնիշխանութեան մասին։
“Աւելի քան կէս դար ժամանակ մսխուած է Կիպրոսի յունական բաժնի անզիջում կեցուածքին պատճառով, ո՛չ ոք թոյլ պիտի տայ յաւելեալ 50 տարուան եւս կորուստ: Կիպրոսի հարցով բանակցութիւնները վերսկսելու համար պէտք է ճանչնալ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական հանրապետութիւնը”,– ըսած է Էրտողան:
Միայն Անգարայի կողմէ ճանչցուած այդ կազմաւորման նախագահ Էրսին Թաթար, իր կարգին, ըսած է, որ իրենք վճռական են իրենց ընտրած ճամբով յառաջանալու։ “Մեր թիկունքին միջազգային հսկայ Թուրքիան է, Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը”,– նշած է ան:
Նոյն օրը երեկոյեան Էրտողան գացած է Ազերպայճան։
Կիպրոսի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հակազդէ
Կիպրոսի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Էրտողանի՝ Կիպրոսի բռնագրաւուած տարածք այցելութիւնը, եւ անընդունելի կը համարէ վերջինիս յայտարարութիւնները, որոնք կոպտօրէն կը խախտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերը։
Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, թէ կը նախաձեռնէ անհրաժեշտ քայլերուն բոլոր անօրինական գործողութիւններու առնչութեամբ։