Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւ ի՞նչ կ՚ընէ Սփիւռքը…

Անցեալ Ապրիլ-Մայիս ամիսներու Հայաստան-Ազերպայճան բանակցային աշխուժ գործընթացը, Քիշնեւի Յունիս 2-ի հանդիպումէն ետք փակուղիի մէջ մտաւ։ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն Էրտողանի յաղթանակը, յաղթանակն էր նաեւ Ալիեւին։ Ոգեւորուած իր ռազմավարական զինակիցին յաջողութենէն, Ալիեւ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրեց։ Որոշեց յետաձգել տալ Յունիսի կէսին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած հանդիպումը Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Զուգահեռաբար, Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կոչ ըրաւ ինքնալուծարուելու, պետութիւնը տարբաղադրելու, որմէ ետք խոստացաւ ներում շնորհել Արցախի ղեկավարներուն։ 

ԱՄՆ-ն շնորհաւորեց ներում շնորհելու Ալիեւի «վեհանձն» այս առաջարկը։ Ռուսաստան չհակազդեց։ ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավար Խոսեփ Պորէլ յայտարարեց. «Լաչինի միջանցքին Պաքուի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն հաստատելու ջանքերուն»։ Առանց խօսելու որեւէ պատիժի մասին։

Այս երեւոյթները յղի են ռազմական եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման ծանր հետեւանքներով, նոյնիսկ՝ նոր պատերազմի սանձազերծումով։ Այս ենթադրել կու տան նաեւ վերջին շրջանին Ազերպայճանի ամէնօրեայ դրութեամբ տարածած հաղորդագրութիւնները հայկական եւ արցախեան բանակներուն կողմէ հրադադարի խախտումներու վերաբերեալ։ Իսկ Զաքիր Հասանով, ազերի Պաշտպանութեան նախարարը, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ըրաւ բանակի հրամանատարութեան՝ «ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլալու պատերազմի»։

Այս դէպքերուն առընթեր, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ ռուս խաղաղապահներուն «խստագոյնս հետեւելու հրադադարի պահպանման եւ հետաքննելու Ազերպայճանի կողմէ հնչեցուող բոլոր դէպքերը, հրապարակաւ ներկայացնելով ամբողջ ճշմարտութիւնը»։ Յատկանշական հաղորդագրութիւն մը, որ դիւանագիտական լեզուով կը կանխազգուշացնէ պատերազմը վերսկսելու ազերական մտադրութեան մասին։ 

Արեւմուտքի դիւանագիտութիւնը իր ամբողջ կարողականութեամբ կ՚աշխատի ոչ թէ Արցախահայութեան եւ Հայաստանի իրաւունքները պաշտպանելու, այլ Ռուսերը դուրս մղելու համար Հարաւային Կովկասէն, Ազերպայճանին թոյլ տալով հայկական տարածքներու վրայ ռազմական գործողութիւններ։ Ռուսաստանի համար ալ այլընտրանք չի մնար, քան Արցախի մէջ նոր պատերազմի գաղափարին համակերպիլ, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ իր գոյութիւնը պահպանելու իբրեւ միակ միջոց։ Իսկ պատերազմին ելքը ապագան ցոյց կու տայ։ Տեղւոյն վրայ Ռուսերը իրենց կարելին պիտի ընեն, որ երկու կողմերը զիրար հարուածելով թուլանան, եւ ռուսական զօրքը պահպանէ իրաւարարի դերը։ Այսինքն, պատերազմին ելքը ըլլայ ի նպաստ Ռուսաստանին։ Իսկ Արեւմուտքը կը սպասէ, որ Ալիեւ անգամ մը եւս յաղթական դուրս գայ, նոյնիսկ եթէ Արցախէն եւ Հայաստանէն մաս մը կուլ երթան այս խաղին, նոյնիսկ եթէ մարդկային մեծ աղէտ մը պատահի Հայութեան։ 

Հակառակ այս ողբերգական կացութեան, Հայաստանի քաղաքական դաշտը երեք տարի է կը մնայ բեւեռացած։ Եւ ի՞նչ կ՚ընէ Սփիւռքը, ի՞նչ լծակներ կը բանեցնէ Արեւմուտքի,– ի մասնաւորի ԱՄՆ-ու, Ֆրանսայի,– եւ Ռուսաստանի մէջ, ուր մեծ է հայ համայնքներուն մարդաքանակը։ Միջազգային հարթակներուն ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Սփիւռքն ու արտասահմանի Հայութիւնը Արցախի ի նպաստ, Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի քաղաքական դասուն որոշումներուն վրայ։ Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի՝ Արցախի ինքնորոշման ի նպաստ որոշումները։ Պարզապէս ծառայեցին ծածկելո՞ւ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի պատերազմին գլխաւոր մտադրութիւնները։ 

Իսկ եթէ հարցումը աւելի կեդրոնացնենք Ֆրանսահայութեան վրայ, որ կը հանդիսանայ Սփիւռքի երրորդ մեծագոյն համայնքը, Եւրոպայի մեծագոյնը… անցեալ Կիրակի CCAF-ի կողմէ Արցախահայութեան զօրակցութեան ցոյցը հաւաքեց հազիւ մի քանի հարիւր հոգի։ Ինչո՞ւ 2020-ի պատերազմին նոյն այդ կազմակերպութեան կոչին ընդառաջած 20-25 հազար Հայութիւնը հարիւրապատիկ նուազեցուցած է իր մասնակցութիւնը։ Ինչո՞ւ այս ձախողումը։ Սփիւռքի մէջ եւս քաղաքական պատասխանատւութեան խնդիր չկա՞յ։ Կարելի չէ բաւարարուիլ Հայաստանի իշխանութիւնները քննադատելով։ Կարելի չէ սահմանափակուիլ Սփիւռքի մէջ անդադար վերյիշեցնելով Հայաստանի քաղաքական սխալները։ 

Ժ.Չ. ■