Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 20-րդ միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 2023 Յուլիս 9-16։ Այս առիթով Հայաստան պիտի ժամանեն շարժարուեստի միջազգային դէմքեր, որոնք իրենց արուեստը պիտի ներկայացնեն հանդիսատեսին։ Պիտի ցուցադրուին Գաննի, Վենետիկի, Պերլինի… փառատօներու նշանաւոր ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ երկու տասնեակէ աւելի հայկական ֆիլմեր։
«Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի կը նշէ իր ստեղծման 20-ամեակը։ Բացի ատկէ, այս տարի նաեւ Հայ շարժարուեստի 100-ամեակն է եւ փառատօնը յատկապէս պիտի անդրադառնայ այս երկու յոբելեաններուն։
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 9-ին, «Կարէն Դեմիրճեան» համերգասրահին մէջ։ Նոյն օրը պիտի ցուցադրուի բեմադիր Ճեսիքա Վուտվորթի «Լուքա» (Պելճիքա, Իտալիա, Նետերլանտներ, Պուլկարիա, Հայաստան) ֆիլմը, որ առաջին անգամ ցուցադրուած է Ռոթերտամի փառատօնին։ Ժապաւէնին մէջ Ճերալտին Չափլինի հետ գլխաւոր դերերէն մէկը կը մարմնաւորէ դերասան Սամուէլ Թադէոսեան։
Փառատօնի փակումին պիտի ցուցադրուի գանատահայ բեմադիր Ատոմ Եղոյեանի «Օրացոյցը» ֆիլմին թարմացուած տարբերակը՝ ժապաւէնի ստեղծման 30-ամեակին առիթով։
Փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ իրանական շարժարուեստի նշանաւոր դէմքերէն՝ Սամուէլ Խաչիկեանի ֆիլմերու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնը։
Փառատօնը պիտի ներկայացուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Գլխաւոր հովանաւորն է՝ Երեւանի քաղաքապետարանը։