Յունիս 9-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասը գտնուող «Athénée Théâtre Louis-Jouvet»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մայրիկ» խորագրեալ համերգը։ Կորիւն Ափրիկեան, իբր կազմակերպիչ, իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ համերգը ո՛չ միայն հայ մայրերուն, այլեւ աշխարհի բոլոր մայրերուն նուիրուած է։
Համերգին յայտագիրը կ՚ընդգրկէր Կոմիտասի եւ Կարպիս Ափրիկեանի մեղեդիները, Յակոբ Աղաբաբէն (1875–1926) երգ մը՝ «Ջա՛ն, այ լուսին»-ը եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը։
Բացառիկ եռաձայն երաժշտական կատարում մը՝ երգ՝ Էվա Զայչիք (մեցցօ-սոփրանօ), ջութակ՝ Դաւիթ Յարութիւնեան եւ դաշնակ՝ Զենիա Մալիարեւիչ, միջազգային համբաւ վայելող եւ բազմաթիւ մրցանակներ շահած արուեստագէտներ, որոնք հայ երաժիշտներուն ստեղծագործութիւնները մեկնաբանեցին անոնց ինքնորոյն արժանիքները վեր հանելով։
Ներկայիս համացանցին ընձեռած անսահման հնարաւորութիւններով, կարելի է Կոմիտաս, Կանաչեան, Սայեաթ Նովա… եւ աշխարհի բոլոր երգահաններուն գործերը ամիջական կերպով լսել, սակայն այլ է վայելքը որակաւոր երաժիշտներու կատարած կենդանի նուագին, ինչպէս պարագան էր «Մայրիկ» համերգին, ուր հնչեցին Կոմիտասէն «Քելեր-ցոլեր», «Շողեր ջան», «Երկինքն ամպել ա», «Կարնոյ պարեր», «Ախ Մարալ ջան», «Էրւում եմ», «Գարուն ա», «Չինար ես», «Կռունկ» եւ Վարդապետի երգացանկէն այլ գործեր, Ափրիկեանի «Լամենթօ»-ն, «Օրօր»-ը եւ այլն։
Համերգը կազմակերպուած էր նաեւ «Մայրիկ» սալիկի լոյս ընծայման առթիւ, որ արդէն հրապարակի վրայ կը գտնուի։ «Մայրիկ»-ը՝ ժամանակի եւ Հայաստանի ընդմէջէն ճամբորդելու հրաւէր մըն է։ Հոն ամփոփուած յուզիչ մեղեդիները կ՚արտայայտեն սէրը, ընտանիքը, Հայրենիքի կարօտը եւ աքսորը… Կոմիտասի եւ Ափրիկեանի հայկական երաժշտութիւնը կը տեղաւորուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, արեւելեան՝ հոգիով եւ արեւմտեան՝ ստեղծագործութեամբ։
Թ.Շ.