ՖՐԱՆՍԱ – Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի ամփոփուի Պանթէոնի մէջ

Նախագահ Մաքրոնի պատմական որոշումը

Յունիս 18-ին՝ Ֆրանսան ազատագրելու համար զօրավար Տը Կօլի՝ Ֆրանսացիներուն կոչ յղած օրը (1940 Յունիս 18), Էլիզէի պալատը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի պատմական որոշումին մասին՝ Ֆրանսական դիմադրութեան հերոս, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Ֆրանսայի Պանթէոն փոխադրելու վերաբերեալ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նախագահ Մաքրոն բարձր գնահատած է «Միսաք Մանուշեանի բացառիկ սխրանքը, բոլոր սահմանները գերազանցող հայրենասիրական մղումը», որոնք «ոգեշնչման առանձնայատուկ աղբիւր են Ֆրանսայի համար»: «Միսաք Մանուշեան կը մարմնաւորէ Ֆրանսայի մեծութեան մէկ մասը։ Ան կը մարմնաւորէ համամարդկային արժէքները»՝ «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն», յանուն որոնց ան «պաշտպանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը»։

Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է Մանուշեանի «արիութիւնը», «հերոսութիւնը»-ը եւ անոր անձին ընդմէջէն ոգեկոչած վերջինիս բոլոր օտար զինակիցները, նշելով՝ «Ֆրանսայի համար բոլորին թափած արիւնը նոյն գոյնը ունի»։

Միսաք Մանուշեան այսպէսով կը հանդիսանայ առաջին օտար գործիչը, որ մուտք կը գործէ ֆրանսացի մեծերու աճիւնները ամփոփող տաճարը՝ Վիքթոր Հիւկոյի, Ժան-Ժագ Ռուսոյի, Էմիլ Զոլայի, Փիէր եւ Մարի Գիւրիի, Ալեքսանտր Տիւմայի եւ ուրիշերու կողքին։

Միսաք Մանուշեանի Պանթէոն մուտք գործելու արարողութիւնը, կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ, նախատեսուած է 2024 Փետրուար 21-ին՝ անոր եւ իր զինակից ընկերներու գնդակահարութեան 80-րդ տարելիցին օրը։ Ի դէպ, Էլիզէի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Մելինէի աճիւնները ֆիզիքապէս հոն փոխադրուելով հանդերձ, միայն Միսաքն է, որ պիտի «պանթէոնականացուի»։