Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարին փարիզեան ժամանակացոյցէն

Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւի հրաւէրով Ֆրանսա այցելած Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Յունիս 19-ին մասնակցած է Salon International de l’Aéronautique et de l’Espace (SIAE) de Paris-Le Bourget-ի ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Ան շրջած է  ֆրանսական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու տաղաւարները եւ հանդիպումներ ունեցած ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Նախարար Պապիկեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթիան Գամպոնի հետ։ Կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ ռազմական կցորդ Գէորգ Ղոնեանի ուղեկցութեամբ Պապիկեան այնուհետեւ այցելած է Մոն-Վալերիէնի յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ֆրանսայի ազատագրութեան համար նահատակուած Միսաք Մանուշեանի ու իր զինակիցներուն յիշատակին։ Ան ծաղիկներ զետեղած է «Մարտնչող Ֆրանսա» յուշակոթողին առջեւ։