Կարինի մէջ (Էրզրում) հայ-թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի անուան տակ հակահայկական կեդրոն բացուած է։
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ նշեալ կեդրոնի բացման բոլոր ելոյթները կը վերաբերէին իբրեւ թէ Հայերու կողմէ Թուրքերու կոտորածներուն։
Օրինակ, տեղւոյն քաղաքապետը պնդած է, որ «դարասկզբին Հայերը Էրզրումի եւ շրջակայքին մէջ 50 հազար Թուրք կոտորած են»։
Իր կարգին, հակահայկական քարոզչութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Էրօլ Քիւրքչիւօղլու յայտարարած է, թէ նորաստեղծ կեդրոնը կը պարունակէ «հայերու՝ Թուրքերը ցեղասպանութեան ենթարկելու մասին» բազմաթիւ ապացոյցներ պարունակող 9.500 գիրքեր։