Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները Բերձորի միջանցքին նախապէս ծրագրուած դիտարկում կը կատարեն 

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելական խումբը Թուիթըրեան գրառումով կը հաղորդէ, թէ իր ղեկավար Մարքոս Ռիթըր եւ դեսպանուհի Անտրէա Վիքթորին Յունիս 21-ին, Սիսիանի օդականին մէջ ողջունած են Եւրոպական խորհրդարանի Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը եւ ԵՄ-ի առաքելութեան ներկայացուցիչները Բերձորի միջանցքին նախապէս ծրագրուած դիտարկում կը կատարեն։