Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ-ու դեսպան Պրաունպեք՝ Արցախի հարցին շուրջ ունկնդրութիւններուն. «Շրջափակման վերջ չտալու պարագային Պաքուի դէմ պէտք է կիրարկուին 907-րդ յօդուածի լրացումով նախատեսուած պատիժները»

Միջազգային կրօնական ազատութիւններու հարցերու ԱՄՆ-ու յատուկ յանձնարարութիւններու նախկին դեսպան Սեմ Պրաունպեք՝ Գոնկրէսի ունկնդրութիւններու ընթացքին առաջարկած է ներկայացնել Արցախի Մարդկային իրաւունքներու գործարք, որ յստակօրէն կը սահմանէ տեղւոյն հայ բնակչութեան ապահովութիւնը պաշտպանելու նուազագոյն չափանիշերը:

«Թոմ Լանթոս» մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին մէջ «Պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին» խորագրով ունկնդրութիւններու ժամանակ բանախօսները անդրադարձած են Արցախ ապրող Հայերու դէմ Ազերպայճանի կողմէ յարձակումներու աճին:

“120.000 քրիստոնեաներ կը խեղդուին։ Անոնք պաշարուած են Ազերպայճանի կողմէ: Այդ կը հակասէ խաղաղութեան համաձայնագրին, կը հակասէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումին, բայց եւ այնպէս տեղի կ՚ունենայ”,– ըսած է Պրաունպեք՝ աւելցնելով, որ այս ամէնուն կ՚աջակցի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Դեսպանը կոչ ըրած է, որ Արցախ այցելէ Գոնկրէսի պատուիրակութիւնը, նշելով, թէ ինք նոր վերադարձած է դէպի Հայաստան Philos Project-ի գլխաւորած փաստահաւաք առաքելութենէն։ Ան տեղեկացուցած է, որ անցեալ շաբաթ իր եւ իր պատուիրակութեան Արցախ մուտքը արգիլած են։

“Քանի տակաւին Ազերպայճան վերջ չէ տուած այդ շրջափակումին, նախագահին, վարչակազմին կողմէ պէտք է կիրարկուին 907-րդ յօդուածին լրացումով նախատեսուած պատիժները, եւ այդ պէտք է կատարուի հիմա՛, եթէ անոնք վերջ չտան այս շրջափակումին”,– շեշտած է Պրաունպեք։

«Ազատութեան աջակցութեան գործարք» 907-րդ յօդուածին լրացումը, որ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը ընդունած է 1992-ին, կը սահմանափակէ Ազերպայճանին տրամադրուող օգնութիւնը՝ նախատեսելով մի՛այն մարդասիրական աջակցութիւն: Ան կ՚ենթադրէ, որ ԱՄՆ-ն Ազերպայճանի կառավարութեան պէտք չէ աջակցութիւն տրամադրէ, այնքան ատեն որ այդ երկիրը քայլերու չի ձեռնարկեր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակումներն ու ուժի կիրարկման տարբերակները վերացնելու ուղղութեամբ: Սակայն, 2002-ին Գոնկրէսին կողմէ 907-րդ յօդուածի լրացման մէջ կատարուած փոփոխութեամբ նախագահին կը թոյլատրուի կասեցնել «Գործարք»-ը եւ ռազմական աջակցութեան տրամադրել Ազերպայճանին: