Յունիս 24-ին, Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած օտար երկիրներու դիւանագէտներ առաջնորդուած են Բերձոր։ Լուրը կը հաղորդեն տեղւոյն լրասփիւռները։
Ընդհանուր առմամբ պատուիրակութեան մաս կազմած են 60 դիւանագէտ եւ ռազմական կցորդ՝ 33 երկիրներէ եւ 10 կազմակերպութենէ։
Այցի շրջանակին մէջ անոնք գացած են Հակարի գետի կամուրջին մօտ, ուր Ազերպայճան ապօրինաբար անցակէտ տեղադրած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ։
Ազերպայճանի իշխանութիւնները փորձած են մոլորեցնել օտար դիւանագէտները՝ հաւաստելով, որ Արցախահայերը մինչեւ վերջերս անկէ անարգել մուտք կը գործէին Ստեփանակերտ։