Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – «Շարժում»-ի գործիչ Լոռիս Թիւֆանեան վեց ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է

«Շարժում» ֆրանսահայ երիտասարդական միութեան գործիչ Լոռիս Թուֆանեան Յունիս 23-ին կը ներակայանար Փարիզի Դատական ատեան, Ազերպայճանի Փարիզի դեսպանատան բողոքով։ Թուֆանեան Ազերիներու կողմէ կը մեղադրուէր ցոյցի մը ընթացքին դեսպանատան անձնակազմին վրայ յարձակելու եւ շէնքին վնաս հասցնելու յանցանքներով։

Ըստ ազերական աղբիւրներու, Լոռիս Թուֆանեան վեց ամիս, յետաձգումով (avec sursis), բանտարկութեան դատապարտուած է։ «Շարժում» դեռ այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ հրապարակած։