Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Իմ Արցախ» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէս

Յունիս 25-ին, Արարատեան թեմի առաջնորդարանին մէջ բացումը կատարուած է լուսանկարիչ Տաթեւիկ Մելքոնեանի «Իմ Արցախ» խորագրեալ ցուցահանդէսին։ Ներկայացուած են տարբեր տարիներու արցախեան ուխտագնացութիւններու ընթացքին կատարուած լուսանկարները։


«Ցաւօք՝ հիմա այդ սրբավայրերու մէկ մասը բռնագրաւուած է։ Եւ քանի դեռ կարելի չէ ֆիզիքապէս երթալ ու տեսնել, այս ցուցահանդէսը իւրայատուկ մտաւոր ուխտագնացութիւն մըն է դէպի մեր Հայրենիքի արեւելեան դարպասը»,– նշուած է առաջնորդարանի՝ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։