Աբովեանի անհետացման 175-րդ տարելիցին եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին նուիրուած՝ «Լուսէ ուղենիշ. Աբովեանական օրեր Թիֆլիսի մէջ» ծրագրի շրջանակին մէջ, Վիրահահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը Յունիս 24-ին, հիւրընկալած է Երեւանէն ժամանած պատուիրակութիւնը: Այդ նպատակով կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ ցուցադրուած են տուն-թանգարանի պատմութիւնը ներկայացնող ցուցանմուշներ:
Բարիգալստեան ջերմ խօսքերով հիւրերը ողջունած են Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Եւգենիա Մարկոսեան եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մշակութային կցորդ Դաւիթ Տէր-Մկրտչեան:
Շուրջ երկու դար առաջ հայ գրականութեան ասպարէզ մուտք գործած եւ հայ նոր գրականութեան մատենագրութեան առաջին էջը բացած Խաչատուր Աբովեանի կեանքի անծանօթ էջերուն եւ ստեղծագործութիւններուն մասին գեղեցիկ յայտնութիւն եղած է տուն-թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեանի հետաքրքրական եւ բովանդակալից ելոյթը: Իր կեանքի որոշ մասը Թիֆլիս անցուցած Աբովեանի կեանքէն շատ մը դրուագներ իսկապէս նորութիւն եղած են թիֆլիսահայ հասարակութեան համար: Յիշենք, Աբովեանի՝ Ֆրանսայի մէջ քանդակած արձանի ոդիսականը, որ երկար դեգերումներէ յետոյ հասնելով Վրաստանի Բաթումի քաղաքը, իր վերջնական հանգրուանը գտած է մայր հայրենիքի մէջ, Ֆրիտրիխ Փարրոյի կողմէ Խաչատուր Աբովեանի լուսանկարի ստեղծման պատմութիւնը եւ նման այլ հանգամանքներ:
Տուն-թանգարանի ջանքերու հետեւանքով լոյսի բերուած են Աբովեանի բանաստեղծութիւնները, որոնք Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի փորֆ.-երգահան Մարգարիտ Սարգսեանի երաժշտութեան հիման վրայ վերածուած են գեղեցիկ ու հոգեպարար երգերու: Շնորհաշատ երգիչներ Անդրանիկ Մալխասեանի եւ Հռիփսոմէ Սուքիասեանի կատարողութեամբ «Վաթան» (Հայրենիք) և «Կանաչ–կարմիր» երգերու տեսահոլովակներու շնորհահանդէսը ներկաներուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է։
Երեկոյթը համեմուած է գեղեցիկ քնարական յաւելուածներով: Ժողովրդական «Հորովել», Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր», Համօ Սահեանի բանաստեղծութեանց հիման վրայ՝ «Ամէն ինչ կ՚անցնի» եւ «Կեանք ու կռիւ» երգերու փայլուն ու արհեստավարժ կատարումները՝ Հռիփսիմէ Սուքիասեանի, Անդրանիկ Մալխասեանի եւ Ցոլակ Յարութիւնեանի կողմէ, դարձած են հայրենասիրութեան ու ազգային հպարտութեան ներշնչումներ:
Միջոցառումը ամփոփած է Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան՝ արժեւորելով մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն անխոնջ աշխատանքը։