Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Գլամարի մէջ կազմակերպուած «Հայաստանի օր»-ը

Շաբաթ, Յունիս 17-ին, Գլամարի քաղաքապետարանը, 8-րդ անգամ ըլլալով, կազմակերպեց «Հայաստանի օր»-ը։ Այս նախաձեռնութիւնը տարուէ տարի մեծ թիւով մասնակիցներ կը համախմբէ իր շուրջ։ Ֆրանսահայ եւ փարիզահայ կազմակերպութիւններ, շուրջ քսան տաղաւարներով, ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը, ոմանք վաճառեցին իրենց արտադրանքները ուրիշներ նոր համակիրներ ձեռք բերին։ Այցելուներու թիւն ալ հետզհետէ կը բարձրանայ։ Գլամարցիներ եւ Փարիզի շրջանի Հայութիւն կ՚այցելեն, կը մօտենան, կը ծանօթանան եւ միաժամանակ առիթը կ՚ունենան դիտելու, ունկնդրելու բեմին վրայ ներկայացուող յայտագիրը։ Զգալի էր, որ մասնակիցները կ՚ապրէին Արցախահայութեան շրջափակումին մղձաւանջը։ Անկասկած այս ցաւը տեղւոյն Հայութիւնը քով-քովի բերող մղիչ ուժն էր։

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Գլամարի քաղաքապետ Ժան-Տիտիէ Պերժէ, փոխքաղաքապետ Ժագլին Մինասեան։ Օրուան կնքահայրն էր Ֆրանսայի եւ աշխարհի կռփամարտի ախոյեան Արսէն Գուլամիրեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը, Արտաշատի քաղաքապետ Կարլեն Մկրտչեան։ 

Այս տարի մասնակցեցան շուրջ 30 կազմակերպութիւններ՝ մշակութային եւ մարդասիրական ընկերակցութիւններ՝ «Հայաստան» հիմնադրամը, Կապոյտ Խաչը, Նոր Սերունդը, «Երկիր եւ Մշակոյթ»-ը, «Յոյս Հայաստանի համար»-ը, «Շէն»-ը, «Շարժում»-ը…։ Հոն էին նաեւ արուեստագէտներ, ֆրանքեւհայկական վարպետներ, ներկայացնելով հայկականութեամբ եւ Հայաստանով ներշնչուած իրենց արուեստն ու արհեստները, մարդասիրական ծրագրերը։ Ներկայ էին գիրքերու հեղինակներ, որոնք «Շէն»-ի տաղաւարին մէջ մակագրեցին իրենց նոր լոյս տեսած հատորները։ Մանուկներու համար պատրաստուած էին տարբեր խաղեր, աշխատանոցներ։ Տպաւորիչ էր Հայաստան այցելած արուեստագէտներու լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Հետաքրքրական էր նաեւ նարտիի ու ճատրակի մրցաշարքը։

Գեղարուեստական բաժնին բացումը կատարեցին «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանի աշակերտական երգչախումբը, ԺԱՖ-ի «Արարատ» պարախումբը՝ հայկական պարերով, ինչպէս նաեւ զանազան երգիչներ։ «Ազնաւուրեան» մթնոլորտ ստեղծեց Ժան-Գլօտ Պարտաքճեան, որուն ձայնը կարծէք «վերակենդանացուց» Ազնաւուրը։ 

«Նոր Յառաջ» եւս ներկայ էր հայերէն գիրքերու իր տաղաւարով, «Զարդիս» մատենաշարի մանկապատանեկան հատորներով։

Գլամարի քաղաքապետարանին նախաձեռնութիւնը յատկանշական էր այն առումով, որ հայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններ ու միութիւններ իրարու հետ անմիջական շփում ունենալու առիթը ունեցան, ինչ որ անհրաժեշտ է կապեր վերահաստատելու դիտանկիւնէն, որ վստահաբար դուռ կը բանայ նոր գործակցութիւններու։

Մինչեւ ժամը 18 տեւած «Հայաստանի օր»-ը անցաւ աշխուժ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Թ.Շ.

Լուսանկարները՝ «Նոր Յառաջ» ■