Լուազօ. «Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ յարգանքին»
Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Ազերպայճանի դեսպան, Եւրպական Միութեան մէջ ազերպայճանական առաքելութեան ղեկավար Վաքիֆ Սատիքով իր թուիթերեան էջին հրապարակուած գրառումով,– որ ի դէպ, նաեւ ազերպայճանական արտադրութեան զէնքի մը արժանիքները գովելու նպատակը կը հետապնդէ,– կ՚ըսէ, աւելի ճիշդ՝ կը սպառնայ. «Անոնք գիտեն, թէ ինչ կ՚ընեն իրենք զիրենք պաշտպանելու համար։ Ազերպայճանական արտադրութեան Istiglal IST-14.5 հականիւթական (antimatériel) դիպուկահար հրացանը ունի շուրջ 3000 մ. արդիւնաւէտ թիրախաւորում։ Տղա՛ք, հեռու կեցէք ազերպայճանական պետական սահմանէն…»:
Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօ, հարցադրուելով, թէ արդեօք Սատիքովի այս խօսքերը ուղղակի սպառնալիք չեն հանդիսանար վերջերս դիտորդական այցեր կատարած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու հասցէին, պատասխանած է ազերպայճանցի դիւանագէտին՝ հետեւեալ թուիթով.
«Սա սպառնալի՞ք է ուղղուած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն դէմ: Իսկապէս անոր հեղինակը ազերպայճանցի «դիւանագէ՞տ» մըն է: Ի՞նչ մակարդակի իջեր է Ազերպայճանի դիւանագիտութիւնը։ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը չյարգելու եւ 120 հազար հոգի պատանդ առնելու մէջ՝ հպարտանալիք ոչինչ կայ։ Արդեօք ա՞յդ է որ պատճառ կը դառնայ ձեր ջիղերուն չտիրապետելուն: Մենք՝ խոր արժէքներ ունեցող Եւրոպացիներս, տպաւորուած չենք [ձեր խօսքերէն]։ Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ յարգանքին»։