Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Սերկեյ Ղազարեան ընդունած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Ռընէ Ռուքէն

Յունիս 26-ին, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Ղազարեան ընդունած է աշխատանքային այցով Երեւան գտնուող Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Ռընէ Ռուքէն։

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրին՝ Արցախի նկատմամբ մնայուն ուշադրութեան ու Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական կապերու շարունակական ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար։

Կողմերը քննարկած են Արցախի շուրջ ստեղծուած դժուարութիւնները յաղթահարելու կարելիութիւնները եւ մարդասիրական բնոյթի շարք մը հարցեր։