Յունիս 27-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու իր պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպումին քննարկուած են տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան առնչուող հարցեր։ Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
«Ընդգծուած է երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման գործընթացի ապահովումը՝ հիմնուած Ալմաթիի հռչակագրին եւ 1975-ի քարտէսին վրայ, սահմանէն զօրքերու հեռացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու պատշաճ հասցէագրումը՝ իբրեւ տարածաշրջանի մնայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօն»,– նշուած է Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նախարարները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանի երթեւեկութեան ենթակառոյցներու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ:
Միրզոյեան ներկայացուցած է Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետևանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը: Ան ընդգծած է Ազերպայճանի կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարելու, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիները վերադարձնելու հրամայականը։
Հանդիպումին Հայաստանի կողմէ մասնակցած են նաեւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց, միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Միրզոյեան-Պլինքըն–Պայրամով եռակողմ հանդիպում
Նոյն օրը, երկկողմ հանդիպումին յաջորդած է Միրզոյեան-Պլինքըն–Պայրամով եռակողմ տեսակցութիւնը։ Միրզոյեան անդրադարձած է չլուծուած հարցերուն, որոնց կարգաւորումը առանցքային է տարածաշրջանի խաղաղութեան համար: Ան վերահաստատած է այդ ուղղութեամբ աշխատելու Հայաստանի կամքը՝ շեշտելով կողմերու պարտաւորութիւնները։