Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած են հայկական յանցագործական ցանցի մը անդամները

Եւրոփոլ կը յայտարարէ, թէ յանցագործական ցանցի մը՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի քաղաքացի 28 անդամներ ձերբակալուած են։ Լուրին համաձայն՝ Եւրոփոլ աջակցած է ֆրանսական եւ սպանական ոստիկանութիւններուն՝ այսպէս կոչուած «օրէնքով գողեր»-ու յանցագործական ցանցը չէզոքացնելու հարցին մէջ։ 

Հետաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ նշեալ ցանցը զբաղած է գողութեամբ ու գողցուած ապրանքներու վաճառքով, ծխախոտի մաքսանենգութեամբ եւ ապօրինի գումարներու օրինականացումով։

Կը նշուի, թէ ֆրանսական ոստիկանութիւնը 2020 նոյեմբերէն ի վեր կը հետեւէր «օրէնքով գողեր»-ու յանցագործական կառոյցին պատկանելու կասկածանքին տակ գտնուող անձերուն։ Հետաքննութենէն պարզուած է նաեւ որ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ գործող հայկական յանցագործական այս ցանցերը կը գլխաւորէր Սպանիայէն «օրէնքով գող» մը։

Սպանիոյ մէջ ապօրինի գումարներու օրինականացումով զբաղած են գլխաւորաբար կառքերու նորոգման աշխատանոցներ եւ Պարսելոնայի մէջ գտնուող՝ ներածուած ձկնկիթ վաճառող խանութ մը։ Հետաքննութեան ծիրէն ներս՝ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ ձեռնարկուած է 38 տնային խուզարկութեան, 28 ձերբակալութեան, ներառեալ՝ գլխաւոր «օրէնքով գող»-ին (որու անունը չի նշուիր)։ Առգրաւուած է 16 շքեղ ժամացոյց, 8 կառք, 6 զէնք՝ իրենց զինամթերքով, 1 զրահաբաճկոն, 2 GPS յայտնաբերման սարք, աւելի քան 60.000 եւրօ կանխիկ գումար, բազմաթիւ բջջային հեռաձայներ եւ ելեկտրոնային սարքեր, ինչպէս նաեւ «օրէնքով գողեր»-ու տարբեր իրեր։

Կը նշուի, թէ յանցագործական ցանցին ղեկավարը կը հետախուզուէր սպանութեան փորձի մեղադրանքով։