Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեան Յունիս 29-ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ռիմա Ապտիւլ-Մալաքի հետ։
Կողմերը քննարկած են յատկապէս Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, Լուվրի մէջ նախապատրաստուող ուրարտական ցուցահանդէսին, յառաջիկային Ֆրանսայի մէջ կայանալիք Մարտիրոս Սարեանի եւ Մինաս Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններու ցուցադրութեանց, միատեղ ֆիլմարտադրութեան եւ Օփերայի թատրոնի շրջապտոյտին վերաբերեալ շարք մը հարցեր: Նախարարները անդրադարձած են նաեւ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի միջոցառումներու կազմակերպման նիւթին:
Յառաջիկայ աշնան կը նախատեսուի տիկին Ապտիւլ-Մալաքի Հայաստան այցելութիւնը։ ■