Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Յունիս 30-ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահած է նախագահը՝ վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետերուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն եւ յատկապէս յիշեալ անձնաւորութիւններուն մօտեցումներուն մասին։
Իր կարգին, Նախագահ Յարութիւնեան անդրադարձած է Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն։ Երկու խօսակիցներն ալ կարեւորութեամբ շեշտած են Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ամուր պահելու հրամայականը։