Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Մաքրոն Մարսիլիոյ մէջ ի՞նչ ըսած է եւ ի՞նչ չէ ըսած…

Նախագահ Մաքրոն Մարսիլիոյ մէջ Յունիս 27-ին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ՀՅԴ-ի որոշ ղեկավարներու հետ հանդիպում մը ունեցած էր, երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի ալ ներկայութեամբ։ Այդ հանդիպման ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին վերագրուած յայտարարութիւնը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուցած է։ Արդարեւ, կը նշուէր, թէ ի պատասխան երեսփոխանուհիին հարցադրումին՝ Մաքրոն յայտարարած է. “Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ քան նոյնինքն Փաշինեանը։ Հարցը Փաշինեանն է։ Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ”։

Հայաստանի «Փաստերի ստուգման հարթակ»-ը (FIP.am) կը հաղորդէ, թէ «Մակրոնին վերագրուող յայտարարութիւնը պաշտօնական չէ»։ 

Հարթակը կը նշէ, թէ տեղեկատւութեան աղբիւրը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայքին վրայ Յունիս 29-ին հրապարակուած հաղորդագրութիւնն է, որուն՝ լրատու շատ մը աղբիւրներ նոյնութեամբ արձագանգած են, ու կ՚աւելցնէ.

«Տեղեկատւութեան տարածումից որոշ ժամանակ անց “Քաղաքացիական պայմանագիր” կուսակցութեան հետ փոխկապակցուած Civic.am-ը փորձեց հերքել այն՝ յղում անելով անանուն աղբիւրի՝ հայ համայնքի հետ հանդիպմանը մասնակցած երիտասարդներից մէկին։ 

“Մարսելի հայ համայնքի հետ կազմակերպուած Ֆրանսիայի նախագահի հանդիպմանը մասնակցած երիտասարդներից մէկը հերքել է մամուլում տարածուած տեղեկութիւնը, համաձայն որի Ֆրանսիայի նախագահ Է. Մակրոնը յայտարարել է, թէ ինքը աւելի շատ ճնշում է բանեցրել Ի. Ալիեւի նկատմամբ, քան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Երիտասարդը յայտնել է, որ հանդիպման ամբողջ ընթացքում համանման որեւէ յայտարարութիւն Ֆրանսիայի նախագահը չի արտաբերել, այլ ընդհակառակը՝ շեշտել է հայ-ֆրանսիական բարեկամական յարաբերութիւնների եւ մշակութային կապի կարեւորութիւնը”,– գրուած է հրապարակման մէջ»։

«Փաստերի ստուգման հարթակ»-ը կը նշէ նաեւ, թէ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնական կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու վրայ ալ Մաքրոնի՝ Մարսիլիա կատարած այցին մասին շատ քիչ բան գրուած է։ «Հայ համայնքի հետ հանդիպման եւ դրա մանրամասների մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ»,– կը գրէ FIP.am, աւելցնելով, որ Մաքրոնին վերագրուող յայտարարութեան մասին չի նշուիր նաեւ երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի թուիթըրեան հաշիւին՝ հայ համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպման վերաբերող գրառման մէջ, մինչդեռ ըստ ՀՅԴ-ի հանրային կապերու գրասենեակի հաղորդագրութեան՝  անոր հարցումին պատասխանելով է, որ Մաքրոն ըրած է այդ յայտարարութիւնը։

Հարթակը գրաւոր դիմած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմին՝ պարզելու համար տեղեկատւութեան իսկութիւնը։ «Պատասխանն ստանալուն պէս այն կը հրապարակենք»,– կը նշուի այս մասին անոր հրապարակումին մէջ։

Պաքու դժգոհ է, Երեւան՝ անհանգստացած

Յամենայն դէպս, այն ձեւով որ տարածուած է լուրը, դժգոհութիւն պատճառած է Պաքուին, անհանգստացուցած՝ Երեւանը։ 

Պաքու դժգոհ է, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահը անգամ մը եւս յայտնած է իր անսեթեւեթ զօրակցութիւնը Հայութեան՝ Արցախի հարցին մէջ՝ շեշտելով, որ այդ գծով կը շարունակէ մնալ վճռակամ։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հրապարակած է իր հակազդեցութիւնը արտայայտող հաղորդագրութիւն մը, ապա նաեւ Նախարարութիւն կանչած է Ֆրանսայի դեսպանուհին, որ այս մասին բացատրութիւն տայ։ 

Իսկ Երեւան անհանգստացած է, որովհետեւ ըստ ՀՅԴ-ի հանրային կապերու գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ նախագահ Մաքրոն, ի միջի այլոց, ըսած է. “Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ քան նոյնինքն Փաշինեանը։ Հարցը Փաշինեանն է։ Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ”։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Յունիս 30-ին Aysor.am-ին յայտնած է. “Երէկուանից կապի մէջ ենք ֆրանսիական կողմի հետ”։ ■