Եգիպտահայ երիտասարդներ՝ Սարօ Երզնկացեան, Արի երզնկացեան, Վարուժան Գազանճեան, Սիմոն Դեբոյեան, Շահան Թերզիպաշեան բարձրացած են Արարատ լեռան գագաթը: Լուրը հաղորդած եւ լուսանկարներ հրապարակած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Երիտասարդները յաջողած են հասնիլ Արարատ լեռան գագաթը՝ ծածանելով Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դրօշները՝ 5165 մեթր բարձրութեան վրայ»,– նշուած է Հայ դատի հաղորդագրութեան մէջ: