ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն տարբեր երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել՝ Արցախահայերուն ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու համար։
Յուլիս 2-ին, Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած է իր յաջորդական ցոյցը։
“Մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք, որպէսզի ամէն ոք հասկնայ, որ Արցախահայերը ինքնորոշման իրաւունք ունին եւ ո՛չ ոք լիազօրուած է խախտելու զայն”,– ըսած են բողոքող երիտասարդները։