Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի 30-րդ տարեկան նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Յունիս 30-էն Յուլիս 4 Գանատայի մէջ։
Շաբաթ օր, Յուլիս 1-ին, ԵԱՀԿ-ի քաղաքական հարցերու եւ անվտանգութեան գլխաւոր յանձնաժողովի նիստի ընթացքին Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի ծեակուտական եւ հանրապետականներու փոխնախագահ Վալերի Պուայէ մեղադրած է Ազերպայճանը, որ Հայաստանի դէմ յարձակումներ կը գործէ։
“Մենք չենք կրնար լռել Հայաստան պատահածներուն մասին”,– ըսած է Պուայէ։
“Արցախ այժմ շրջափակման մէջ կ՚ապրի աւելի քան 200 օրէ ի վեր՝ միջազգային անտարբերութեան մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի մշտական յարձակման տակ. քանի մը օր առաջ իրենց ռազմատենչ հարեւանին այդ ստոր կրակոցներէն չորս Հայ մահացաւ։ Ես պիտի փափաքէի, որ մենք այս՝ Վանքուվըրի համագումարէն դուրս գայինք ուժեղ եւ արժանապատիւ որոշումով եւ արժանի՝ այն ինչին զոր այսօր կը ներկայացնենք յաչս ԵԱՀԿ-ի անդամ երկրի մը, որ կը կրէ հսկայական տառապանք”,– աւելցուցած է ան:
Պուայէ ԵԱՀԿ-ին կոչ կ՚ընէ՝ Ուքրաինայի նման, աջակցելու նաեւ Հայաստանին
Վալերի Պուայէ թուիթով մըն ալ՝ ԵԱՀԿ-ին կոչ ըրած է Ուքրաինային ցուցաբերուած աջակցութեան օրինակով՝ օգնել նաեւ Հայաստանին։
«Մինչ մենք արդարօրէն կ՚աջակցինք Ուքրաինային, ես կոչ կ՚ընեմ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին իր ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերելու նաեւ Հայաստանին։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ երկիրներ մղեն այս պատերազմը, հայ ժողովուրդին դէմ գործեն այս ցեղասպանութիւնը»։
Այլ խօսքով, Պուայէ բացէ ի բաց չըսելով հանդերձ, Եւրոպային կոչ կ՚ընէ, ինչպէս Ուքրաինային՝ Հայաստանին եւս ցուցաբերելու ռազմական օգնութիւն։ ■