Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի դիմումի հիման վրայ Յուլիս 7-ին Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատած է Փետրուար 22-ին կայացուցած իր որոշումը՝ նշելով, թէ Ազերպայճան պարտաւոր է ապահովելու Բերձորի միջանցքով անարգել երթեւեկը։
Բադալեան սոյն գրառումով կը մեկնաբանէր միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի հաղորդումը, թէ Ատեանը փոփոխութեան չէ ենթարկած Փետրուար 22-ի իր վճիռը։
Միւս կողմէ, Պաքու սակայն կը պնդէ, թէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատած է «Ազերպայճանի՝ իր սահմանները վերահսկելու իրաւունքը»։ Այս կապակցութեամբ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ ողջունելով Ատեանի որոշումը, որ ըստ Պաքուի, հայկական կողմը սխալ մեկնաբանած է։
Ազերպայճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ «Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները կ՚անցնին սահմանային անցակէտով», իսկ անցակէտի տեղադրումը «Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածք զէնքի, ռազմամթերքի եւ զինուորներու ապօրինի հոսքը դադրեցնելու նպատակ կը հետապնդէ»։