Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրաքի մէջ առեւանգած են ծանօթ լրագրող Էլիզապէթ Ցուրքովը

Ան 44-օրեայ պատերազմին Ազերպայճանի կողմէ սուրիացի վարձկանները բանակին մէջ ներգրաւելու հարցն ալ կը բացայայտէր

Քանի մը ամիս առաջ Իրաքի մէջ անհետացած Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի քաղաքացի Էլիզապէթ Ցուրքով առեւանգուած է շիիներու «Քաթայիպ Հըզպալլահ» խումբին կողմէ։ Լուրը կը հաղորդէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուի գրասենեակը։ 

«Էլիզապէթ Ցուրքով տակաւին ողջ է, մենք կը կարծենք, որ անոր ճակատագրի եւ ապահովութեան պատասխանատւութիւնը կը կրէ Իրաքը»,– նշուած է վարչապետի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։ 

Իսրայէլի համապատասխան մարմինները կը զբաղին  այս հարցով։

Կը հաղորդուի, թէ Ցուրքով գիտնական է. ան անձնական նախաձեռնութեամբ մեկնած է Իրաք՝ դոկտորական ատենախօսութիւն գրելու եւ ԱՄՆ-ու Փրինսթըն համալսարանին համար հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով։ Նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն արտօնուած չէ մուտք գործել Իրաք, ան գործածած է իր ռուսական անցագիրը։ 

Աւելցնենք, որ Ցուրքով նաեւ լրագրող է, Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու ծանօթ հետազօտող։ Ան առաջիններէն էր, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու պատերազմի ընթացքին կը բացայայտէր եւ կը լուսաբանէր, թէ ինչպէս Թուրքիա սուրիացի վարձկանները կը փոխադրէր Ազերպայճան՝ Արցախի դէմ զինեալ յարձակումին մասնակցելու համար։ Լրագրողը այս բովանդակութեամբ շարք մը հրապարակումներ ունի։ 

Իսրայէլացի դիւանագէտ մը, որ չէ փափաքած տալ անունը, Jerusalem Post-ին հաղորդած է, թէ Ցուրքով անհետացած է Մարտ ամսուն: Թուիթըրեան անոր վերջին գրառումը կը կրէ Մարտ 21 թուականը։