Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեան հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն առեւանգուած երկու հայ զինուորներու՝ Ազերպայճանի կողմէ բանտարկութեան դատապարտումին առնչութեամբ։
Ան ընդգծած է, թէ ազերպայճանական իշխանութիւններու գործողութիւնները` Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն հայ զինուորները գերեվարելը, այնուհետեւ կեղծ մեղադրանքներ յարուցելը եւ անարդար դատաքննութեան ենթարկելը՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ են, որոնք կը հակասեն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագրին եւ Ժընեւի երրորդ համաձայնագրի պահանջներուն։
«Աւելի՛ն, Ազերպայճանի իշխանութիւններու քարոզած հայատեաց քաղաքականութիւնը եւս կ՚ապացուցէ քրէական դատավարութեան անօրինականութիւնը։ Ակնյայտ է, որ այս պայմաններուն մէջ խախտած են հայ ռազմագերիներու հիմնական իրաւունքները»,– ըսած է Մանասեան եւ աւելցուցած. «Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիները կը գտնուին խոշտանգումներու, արժանապատւութիւնը նուաստացնող եւ անմարդկային վերաբերումի մնայուն վտանգի ներքոյ»։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմը այս բոլոր տեղեկութիւնները պիտի ներկայացնէ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական իրաւասու մարմիններուն։