Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան թուիթըրեան իր հաշիւին հրապարակած է հետեւեալ գրառումը.
«Դրացի երկրի գերիշխանութեան նկատմամբ հողային յաւակնութիւններու յաւելեալ բացայայտ քարոզչութիւն մը. Պաքու հանրային հեռատեսիլէն օդերեւութաբանութեան յայտագրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը, կը ներկայացնէ իբրեւ Ազերպայճան:
Հիւանդ պատրանքներն ու թշնամական հռետորաբանութիւնը պէտք է կտրականապէս մերժուին»։