Ռուսաստանի Թիւմեն քաղաքին մէջ, ձեռամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմական առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի, օծուած է նորակառոյց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։
Տեղւոյն հայ համայնքին ներկայացուցիչները «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են, թէ նորակառոյց եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Սփիւռքի գործոց յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, Ռուսաստանի տարբեր մարզերու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանէն հրաւիրուած հիւրեր։
Սրբազան հայրը Սուրբ Միւռոնով օծած է եկեղեցւոյ 16 սիւները, մկրտութեան աւազանը, սրբապատկերները եւ գմբէթին խաչերը, ինչպէս նաեւ տաճարին բակը տեղադրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն նուիրուած խաչքարը, որ Թիւմենի հայ համայնքի ղեկավար Աբրահամ Հովէեանի նախաձեռնութեամբ փոխադրուած է Հայաստանէն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Հայ-ռուսական բարեկամութեան պարտէզին եւ Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը։
Փոխվարչապետին ներկայացուած է բարեկամութեան պարտէզի տարածքին նախատեսուած հայկական մշակոյթի կեդրոնի նոր շէնքին շինարարութեան յատակագիծը, ուր տեղ պիտի գտնէ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի մասնաճիւղը: Հարկ է նշել, թէ տեղւոյն հայ համայնքի անդամները այնտեղ արդէն 150 պտղատու ծառ տնկած են։
Թիւմենի նահանգապետը իր ելոյթին նշած է, թէ Հայ-ռուսական բարեկամութեան պարտէզը պիտի դառնայ քաղաքի հաճելի վայրերէն մէկը, ուր այցելուները պիտի ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ հոգեւոր արժէքներուն։
Արարողութիւնը աւարտած է համերգային յայտագրով, կատարողութեամբ Հայաստանէն ժամանած երգի-պարի համոյթներուն։
Նշենք, թէ Թիւմենի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցիին շինարարութիւնը տեւած է երեք տարի։ Տաճարը՝ տարածաշրջանի առաջին եւ միակ հայկական եկեղեցին է, իսկ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմին՝ 80-րդը։