Արցախի Հասարակական կազմակերպութիւններու բաց նամակը՝ միջազգային հանրութեան
Արցախի աւելի քան երեք տասնեակ միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները (Գրողներու, նկարիչներու, լրագրողներու, նահատակուած ազատամարտիկներու միութիւններ…) բաց նամակ մը յղած են միջազգային հանրութեան։ Նամակին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է յատկապէս վերջին շուրջ եօթը ամիսներուն Ազերպայճանի կողմէ պաշարուած Արցախահայութեան մարդասիրական ահաւոր կացութիւնը, ընդգծելով որ ժողովուրդը կը գտնուի ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ։
Ստորեւ՝ նամակէն քանի մը հատուածներ.
«Հիմա, երբ տարբեր միջազգային հարթակներէ անհասկնալիօրէն կը հնչեն Արցախը Ազերպայճանին բռնակցելու ճամբով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ կոչեր, մենք կ՚առաջարկենք վերյիշել Երկրորդ աշխարհամարտի պատմութիւնը ու փորձել պատկերացնել՝ որ կարելի՞ էր արդեօք հրեայ ժողովուրդին կոչ ընել ապրելու հիթլերեան նացիական իշխանութեան ներքոյ»։
(…) «Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած երեք պատերազմներու, ջարդերու, բռնի տեղահանութիւններու, հոգեբանական ահաբեկման, մարդկային եւ նիւթական կորուստներու արհաւիրքներէն անցած Արցախի ժողովուրդը, շարունակելով ապրիլ վերահաս գոյաբանական սպառնալիքներու տակ, կը դիմէ բոլոր միջազգային գործիքակազմերը գործի լծելու պահանջով՝ կանխելու համար Ազերպայճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը։
Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ մենք կը պահանջենք բոլոր համապատասխան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը՝ Արցախ»։
(…) «Երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին նկատմամբ ցուցաբերուող մտահոգութեան համար՝ կ՚ընդգծենք, որ մեր իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման միակ վստահելի երաշխիքը Արցախի ժողովուրդի՝ միջազգային իրաւունքով ամրագրուած ինքնորոշման եւ ազատ կամքի արտայայտութեան իրաւունքին վրայ հիմնուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է։
Արցախը ուժ ունեցողի իրաւունքով ոեւէ մէկուն բաժին հասած տարածք մը չէ, Արցախը մեր հայրենիքն է, ուր մենք ունինք ապահով կեանքի լիարժէք եւ անքակտելի իրաւունք։ Արցախը ընդամէնը 120 հազարնոց բուռ մը ժողովուրդ չէ (նկատի ունենալով 2020-ին Ազերպայճանի ռազմական յարձակումներու հետեւանքով իրենց տուներէն վտարուած Արցախի շուրջ 30 հազար տեղահանուած բնակիչները)։ Այսօր Արցախը ժողովրդավարական աշխարհի հռչակած արժէքներու յաջորդական փորձաքարն ու արեւածաղիկի թուղթն է(*)։ Իսկ թէ ինչ ընտրութիւն կը կատարուի՝ մէկ կողմէն սուտի, խտրականութեան, բռնութեան, ահաբեկչութեան, բռնապետութեան եւ, միւս կողմէն, ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու միջեւ, կը յստականայ փոխակերպուող աշխարհակարգի արժանիքն ու էութիւնը»։
(*) Քիմիական. հեղուկի մը մէջ թթուի գոյութիւնը, կամ աստիճանը ստուգելու համար թաթխուող՝ բարակ շերտով թուղթ։