Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Փարիզ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յուլիս 10-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Փարիզ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն՝ Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար), Սարգիս Խանդանեան, Արուսեակ Մանաւազեան, Ծովինար Խաչատրեան, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արմէն Ռուստամեան: