Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թոյվօ Քլաար Ստեփանակերտը կոչած է Խանքենտի, Նաթալի Լուազօ կշտամբած է եւրոպացի դիւանագէտը

Եւրոպական Միութեան՝ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի հարցերու  ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, Յուլիս 9-ին, Պաքուի կողմէ կրկին անգամ Արցախի մատակարարուող կազի խափանման եւ հայատեաց արարքներուն մասին կատարած թուիթըրեան իր գրառումներուն մէջ նշած է. «Ուրախ եմ կարդալով, որ այսօր առաւօտեան դէպի Խանքենտի/Ստեփանակերտ կազամատակարարումը հաստատուած է», քանի մը ժամ ետք ալ գրելով. «Խոստմնալից օրը կրկին աւարտեցաւ յուսախաբութեամբ։ Պաքու-Ստեփանակերտ իրական երկխօսութիւնը պէտք է սկսի»։ 

Եւրոպական խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու ենթայանձնախումբի նախագահուհի Նաթալի Լուազօ սուր կերպով հակազդած է Քլաարի գրառումին ու Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է հետեւեալը.

« – Դուք համոզուա՞ծ էք Թոյվօ Քլաար: Դուք համոզուա՞ծ էք, որ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարումը կայուն է եւ դեռ կը շարունակուի:

– Ուրա՞խ էք լուրը կարդալով (որ կազի մատակարումը վերահաստատուած է – «ՆՅ»), մինչ Բերձորի միջանցքը տակաւին ամբողջական շրջափակման մէջ է:

– Դուք պէ՞տք է օգտագործէք «Խանքենտի» անունը եւ օգտագործէք զայն Ստեփանակերտէն առա՞ջ:

– Եւրոպական խորհրդարանը կը փափաքի, որ Դուք գործէք, ոչ թէ լուրեր կարդաք եւ աջակցիք պաշարման մէջ յայտնուած քաղաքացիական անձերուն, ոչ թէ հաճոյանաք այս սարսափելի իրավիճակի պատասխանատուներուն»: