Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան ամբողջութեամբ արգիլած է Բերձորի միջանցքով առանց այդ ալ սահմանափակ երթեւեկը

Ազերպայճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը յայտնած է, թէ կը փակէ Բերձորի միջանցքի անցակէտը,– որ ապօրինաբար տեղադրած է,– եւ բոլորովին կ՚արգիլէ միջանցքով առանց այդ ալ սահմանափակ երթեւեկը։ Պատճառն ալ իբրեւ թէ «Կարմիր խաչի կառքերով մաքսանենգ ապրանքներ փոխադրելու դէպքերն են»։ 

«Առ այդ մինչեւ անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններու աւարտը՝ անցակէտով երթեւեկը առժամեայ դադրեցուած է»,– նշուած է այս կապակցութեամբ հակառակորդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։